2014-05-13 08:40:21

Տնտեսական ճգնաժամին պատճառով` Յունաստանի մէջ անձնասպանութիւններու թիւը աւելցած է։


Dni.ru կայքը կը գրէ, որ ըստ վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւններու, Յունաստանի մէջ իւրաքանչիւր օր անձնասպանութիւն կը գործէ մէկ մարդ: Նման իրավիճակ կապուած է երկրի ծանր տնտեսական վիճակին հետ:
Առաջին անգամ հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ Յունաստանի մէջ անձնասպանութիւններու աճը վերջին տարիներուն անմիջական կապ ունի պետական պիւտճէի կրճատման հետ, որուն պատճառով միլիոնաւոր մարդիկ զրկուած են աշխատանքէ: Մինչեւ ելեւմտական ճգնաժամը` Յունաստանի մէջ անձնասպանութիւններու մակարդակը Եւրոպայի մէջ ամէնէն ցածն էր: Վտանգուած խմբակին մէջ, հիմնականին մէջ, կը յայտնուին 45-89 տարեկան տղամարդիկ:
«Աշխատանք գտնելը շատ դժուար է: Գործատուները կը նախընտրեն աշխատանքի ընդունիլ ներգաղթեալները, որովհետեւ անոնք աւելի քիչ գումար կը պահանջեն. ի տարբերութիւն մեզի, չեն պահանջեր փոխհատուցման վճարներ», պատմած է անօթեւան Փաւլոս:
Բազմաթիւ յոյներ կը յայտնուին փողոցին մէջ: Ոմանք կ՛որոշեն հեռանալ կեանքէն` չկարենալով յաղթահարել դժուարութիւնները: Անոնց թիւը կ՛աճի:
2009-2010-ին Յունաստանի մէջ իրականացուած է 551 անձնասպանութիւն, իսկ ատիկա կը նշանակէ 1 օրուան մէջ մօտաւորապէս 1 անձնասպանութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.